AMAA Holds 107th Annual Meeting in Paramus, NJ, USA
The Armenian Missionary Association of America (AMAA) held its 107th Annual Meeting on Saturday, October 17, 2026, at the Armenian Presbyterian Church (APC) in Paramus, New Jersey. The theme of this year’s gathering and related activities was “Celebrating Our Lasting Impact on Generations.”
AMAA President Gary R. Phillips, Esq., opened the meeting and welcomed the delegates. He then invited Rev. Joseph Garabedian, Pastor of APC, to lead the devotional and opening prayer. Based on Psalm 23:1, “The Lord is my shepherd, I shall not want,” Rev. Garabedian’s devotional reflected on the 180-year journey of the Armenian Evangelical Church. He said, “From our Movement’s birth, God has been our shepherd, leading us to growth, sustaining us through the Armenian Genocide, and granting us comfort and resources to serve His people today through the Armenian Evangelicals and the AMAA.”
During the meeting, AMAA President Gary R. Phillips, CEO/Executive Director Serge D. Buchakjian, and Vice President/Treasurer Dr. Michael Voskian presented reports highlighting the Association’s activities during the 2025–2026 fiscal year. Additional reports were presented by AMAA’s Armenia team, committee chairs, representatives of the Armenian Evangelical Unions, the Armenian Evangelical World Council, and affiliated organizations, all expressing gratitude for another year of fruitful ministry.
Nine members were elected to serve a three-year term on the AMAA Board of Directors, Class of 2029: LindaKay Abdulian, Pamela Avedisian, Rafi Balabanian, D.D.S., Rev. Dr. Avedis Boynerian, Susan Adamian Covo, Phyllis Dohanian, Denise Gertmenian, Gary R. Phillips, Esq., and Michael Voskian, D.M.D.
The meeting concluded with closing remarks and prayer led by AMAA President Gary R. Phillips.
The weekend’s activities included a special dinner on the evening of Friday, October 16, at Sanzari’s New Bridge Inn in New Milford, New Jersey. The dinner brought together AMAA Board members, staff and guests from across the United States and abroad for an evening of fellowship and celebration.
During the dinner, Harout Nercessian, AMAA’s Global Field Director and Representative in Canada, was honored for 30 years of dedicated service to the Association, including 25 years in Armenia and five years serving in North America and globally. The recognition came as a complete surprise to Mr. Nercessian. AMAA CEO/Executive Director Serge D. Buchakjian, and AMAA President, Gary R. Phillips, reflected on his longstanding commitment and faithful service, while other attendees shared heartfelt remarks in appreciation of his contributions.
Deeply moved by the unexpected honor, Mr. Nercessian expressed his gratitude to the Association and reflected on the many blessings he has received through his years of service to the AMAA.
The Annual Meeting weekend continued with a worship service on Sunday, October 18, at the Armenian Presbyterian Church in Paramus. Led by Rev. Garabedian, the service featured two sermons: Rev. Dr. Haroutune Selimian, President of the Armenian Protestant Community in Syria, delivered the Armenian sermon, titled “Unbind Him: Christ’s Call, Our Mission,” based on John 11:38–45. Reflecting on the story of Lazarus, he emphasized that the Church’s mission extends beyond welcoming a new generation; it must help them experience Christ’s freedom by listening, trusting, and making room for them to grow.
Rev. Serop Megerdtichian, Pastor of the Armenian Church of the Nazarene in Glendale, California, delivered the English sermon, titled “Igniting the Next Era: 180 Years of Living Faith and Frontier Spirit,” based on Isaiah 58:6–12 and Matthew 28:16–20. He challenged the Church to move beyond preserving its institutions and renew its commitment to evangelism, discipleship, education, and mission, reaching Armenian communities in Armenia and throughout the Diaspora with the message of Christ.
During the worship service, Rev. Hendrik Shanazarian, Minister to the Armenian Evangelical Union of North America, offered a special prayer of remembrance honoring AMAA members and friends who had entered eternal life since the previous Annual Meeting.
The service continued with Rev. Dr. Krikor Youmshajekian, Executive Director of the Armenian Evangelical World Council, installing the officers of the AMAA Board of Directors. Rev. Dr. Vahan Tootikian, former Executive Director of the Armenian Evangelical World Council, offered the Benediction.
AMAA CEO/Executive Director Serge D. Buchakjian expressed his sincere appreciation to the organizing committee for its dedication and efforts in making the weekend’s activities a success and to the Armenian Presbyterian Church for hosting the annual meeting. He stated, “I extend my heartfelt gratitude to the organizing committee for another successful AMAA Annual Meeting and a memorable weekend of activities. May God continue to abundantly bless the AMAA and its ministry around the world.”




Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ Տարեկան Ժողովը Փարամըսի մէջ՝ Նիւ Ճըրզի
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր 107-րդ Տարեկան Ժողովը գումարեց Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2026-ին, Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքին մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ (Armenian Presbyterian Church – APC)։ Այս տարուան ժողովին եւ անոր առնչուած ձեռնարկներուն բնաբանն էր՝ «Նշելով մեր մնայուն ազդեցութիւնը սերունդներու վրայ»։
Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ իրաւաբան Կերի Ռ. Ֆիլլիփս (Gary R. Phillips), բացաւ ժողովը եւ ողջունեց պատգամաւորները։ Ապա հրաւիրեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Ճոզէֆ Կարապետեանը՝ սկսելու ժողովը հոգեւոր Խորհրդածութեամբ եւ աղօթքով։ Հիմնուելով Սաղմոս 23. 1 «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» համարին վրայ՝ Վեր. Կարապետեան իր խորհրդածութեան ընթացքին անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-ամեայ ուղեւորութեան։ Ան ըսաւ. «Մեր Շարժումին ծնունդէն ի վեր Աստուած եղած է մեր հովիւը։ Ան առաջնորդած է մեզ դէպի աճ, զօրավիգ կանգնած է մեզի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, եւ մեզի մխիթարութիւն ու միջոցներ պարգեւած է՝ այսօր Հայ Աւետարանականներուն եւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միջոցաւ Իր ժողովուրդին ծառայելու համար»։
Ժողովին ընթացքին Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ Կերի Ռ. Ֆիլլիփս, Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան (Serge D. Buchakjian) եւ Փոխ-Նախագահ/Գանձապահ Տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան (Michael Voskian) ներկայացուցին իրենց տեղեկագիրները՝ ամփոփելով Ընկերակցութեան գործունէութիւնը 2025–2026 տարեշրջանի ընթացքին։ Յաւելեալ տեղեկագիրներ ներկայացուցին նաեւ Աւետարանչական-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, յանձնախումբերու ատենապետները, Հայ Աւետարանական միութիւններու ներկայացուցիչները, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը եւ Ընկերակցութեան յարակից կազմակերպութիւնները։ Բոլորն ալ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին արդիւնաւէտ ծառայութեան տարի մը եւս բոլորած ըլլալնուն համար։
Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդին մէջ երեք տարուան պաշտօնավարութեան համար, մինչեւ 2029 թուականը, ընտրուեցան ինը անդամներ՝ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան (LindaKay Abdulian), Փամելա Աւետիսեան (Pamela Avedisian), Տօքթ. Րաֆֆի Պալապանեան (Rafi Balabanian), Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյներեան (Avedis Boynerian), Սիւզըն Ատամեան Քովօ (Susan Adamian Covo), Ֆիլիս Տոհանեան (Phyllis Dohanian), Տենիզ Կերթմենեան (Denise Gertmenian), Իրաւաբան Կերի Ռ. Ֆիլլիփս, եւ Տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան։
Ժողովը եզրափակուեցաւ Ընկերակցութեան Նախագահ Կերի Ռ. Ֆիլլիփսի փակման խօսքերով եւ աղօթքով։
Շաբաթավերջի ձեռնարկներու շարքին տեղի ունեցաւ նաեւ յատուկ ընթրիք մը՝ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Նիւ Միլֆըրտ քաղաքին մէջ գտնուող Sanzari’s New Bridge Inn-ի մէջ կազմակերպուած յատուկ ընթրիքով։ Ընթրիքը համախմբեց Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի անդամները, պաշտօնեաները եւ Միացեալ Նահանգներէն եւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերը՝ եղբայրակցութեան եւ տօնակատարութեան երեկոյի մը համար։
Ընթրիքի ընթացքին յատուկ կերպով պատուուեցաւ Յարութ Ներսէսեանը՝ Ընկերակցութեան Համաշխարհային Դաշտի Ծառայութեան Տնօրէնն ու Գանատայի ներկայացուցիչը, Ընկերակցութեան իր նուիրեալ ծառայութեան 30-ամեակին առիթով։ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անոր ծառայութեան առաջին 25 տարիները անցած են Հայաստանի մէջ, իսկ վերջին հինգ տարիներուն ան շարունակած է իր ծառայութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Այս գնահատանքի արարողութիւնը լիովին անակնկալ էր Պրն. Ներսէսեանի համար։ Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան եւ Նախագահ Կերի Ռ. Ֆիլլիփս անդրադարձան անոր երկարամեայ նուիրումին եւ հաւատարիմ ծառայութեան։ Ներկայ գտնուողներէն ուրիշներ եւս իրենց սրտագին խօսքերով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը անոր ներդրումին համար։
Անսպասելի պատիւէն խորապէս յուզուած՝ Պրն. Ներսէսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ընկերակցութեան եւ անդրադարձաւ այն օրհնութիւններուն, զորս ինք ստացած էր տարիներու ընթացքին՝ Աւետարանչականի ծառայելու առանձնաշնորհումին միջոցաւ։
Տարեկան ժողովի շաբաթավերջը շարունակուեցաւ Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր-ին, Փարամըսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պաշտամունքով։ Պաշտամունքը առաջնորդեց Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վեր. Կարապետեան, եւ Պաշտամունքի ընթացքին մատուցուեցան երկու քարոզներ։
Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի նախագահը, մատուց հայերէն քարոզը՝ «Արձակեցէ՛ք զայն. Քրիստոսի կոչը եւ մեր առաքելութիւնը» խորագիրով, հիմնուելով Յովհաննէս 11. 38–45 հատուածին վրայ։ Ղազարոսի պատմութեան անդրադառնալով՝ ան շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր նոր սերունդ մը ողջունելով. Եկեղեցին պէտք է նաեւ օգնէ անոնց՝ Քրիստոսի պարգեւած ազատութիւնը ապրելու, զիրենք լսելու, վստահելու եւ անոնց աճման համար անհրաժեշտ տեղը բանալու միջոցաւ։
Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան՝ Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ գտնուող Նազովրեցի Հայ Եկեղեցւոյ հովիւը, ներկայացուց անգլերէն քարոզը՝ «Բոցավառել յաջորդ դարաշրջանը. 180 տարուայ կենդանի հաւատք եւ նոր ուղիներ բացող ոգի» խորագիրով, հիմնուելով Եսայի 58. 6–12 եւ Մատթէոս 28. 16–20 հատուածներուն վրայ։ Ան մարտահրաւէր ուղղեց Եկեղեցւոյ՝ անցնելու իր հաստատութիւնները պարզապէս պահպանելու սահմաններէն եւ նորոգելու իր յանձնառութիւնը աւետարանչութեան, աշակերտութեան պատրաստութեան, կրթութեան եւ առաքելութեան հանդէպ՝ Քրիստոսի պատգամը հասցնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի Հայ համայնքներուն։
Պաշտամունքի ընթացքին Վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Աւագ Հովիւը, յատուկ յիշատակի աղօթք մատուց՝ յարգելու Աւետարանչականի այն անդամներն ու բարեկամները, որոնք նախորդ տարեկան ժողովէն ի վեր անցած են յաւիտենական կեանքին։
Պաշտամունքի աւարտին Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն՝ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան կատարեց Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի անդամներու նուիրման արարողութիւնը՝ ապա Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախկին Գործադիր Տնօրէնը, մատուց օրհնութեան աղօթքը։
Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ շաբաթավերջի ձեռնարկները յաջողութեամբ իրականացնելու նուիրումին եւ ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ Փարամըսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին՝ տարեկան ժողովը հիւրընկալելուն համար։ Ան ըսաւ. «Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ Աւետարանչականի եւս մէկ յաջող տարեկան ժողով եւ յիշարժան ձեռնարկներով լի շաբաթավերջ մը կազմակերպելուն համար։ Թող Աստուած շարունակէ առատապէս օրհնել մեր Ընկերակցութիւնը եւ աշխարհի տարածքին անոր ծառայութիւնը»։
