AMAA Celebrates 107th Annual Meeting Banquet
Honors Rev. Dr. Vahan H. Tootikian and Dr. Nurhan Helvacian
The Armenian Missionary Association of America (AMAA) held its 107th Annual Meeting Banquet on Saturday, October 17, 2026, at the Teaneck Marriott at Glenpointe in Teaneck, New Jersey. Bringing together friends of the AMAA and representatives of Armenian Evangelical churches and unions from around the world, the evening celebrated the theme “Our Lasting Impact on Generations” and honored two distinguished individuals whose decades of service have made lasting contributions to the organization and the Armenian Evangelical community: Rev. Dr. Vahan H. Tootikian, former Executive Director of the Armenian Evangelical World Council (AEWC) and former AMAA and AEUNA Board member, and Dr. Nurhan Helvacian, former AMAA Board member and Treasurer.
The evening began with a warm welcome from event Co-Chairs Lucienne Aynilian and Anita Buchakjian. Dr. Michael Voskian served as Master of Ceremonies, guiding the evening’s program with warmth and grace. Greg and Garen Loshkajian performed the national anthems, followed by an invocation offered by Rev. Joseph Garabedian, Pastor of the Armenian Presbyterian Church in Paramus, New Jersey.
Following a video presentation, “The Transforming Impact of the AMAA,” Serge D. Buchakjian, AMAA CEO/Executive Director, welcomed the guests and reflected on the organization’s enduring mission and the difference it continues to make in communities around the world. “Everything you just saw… Every child helped; Every student given an opportunity; Every church strengthened; Every life transformed… You are part of that story. This is your AMAA. Be proud of it. Help us tell its story. And together, with God’s guidance, let us write the next chapter,” Mr. Buchakjian said.
Mr. Buchakjian then introduced His Excellency Narek Mkrtchyan, Ambassador of the Republic of Armenia to the United States, who addressed the gathering. Ambassador Mkrtchyan expressed his appreciation for the AMAA’s longstanding commitment to Armenia, highlighting its contributions to relief efforts and education in the aftermath of the devastating 1988 earthquake and its continued support for the rebuilding and development of the homeland.
Honoring Rev. Dr. Vahan H. Tootikian
The first honoree of the evening was Rev. Dr. Vahan H. Tootikian, whose decades of faithful leadership and dedicated service have left a profound mark on the Armenian Evangelical community.
Rev. Dr. Krikor Youmshajekian, current Executive Director of the AEWC, presented a tribute on behalf of the Council, while Rev. Hendrik Shanazarian, Minister to the Armenian Evangelical Union of North America (AEUNA), offered a tribute on behalf of the Union.
Reflecting on Rev. Dr. Tootikian’s 23 years of leadership with the AEWC, Rev. Dr. Youmshajekian said: “Twenty-three years is a long time to devote yourself to this ministry. During those years, Rev. Tootikian poured his heart into this Council. He served with diligence, commitment, and genuine passion. This was never just a position for him—it was a calling. He carried the responsibilities of leadership with wisdom, humility, and integrity, always seeking what would best serve the churches and advance the work of God’s Kingdom.”
Rev. Shanazarian emphasized that the true measure of Rev. Dr. Tootikian’s legacy extends far beyond his professional accomplishments. “What we celebrate most tonight is not the impressive list of positions, degrees, publications, or honors. We celebrate a life of faithful service, a lifetime devoted to teaching and communicating the Christian faith and our Armenian heritage,” he said.
A special tribute video followed, featuring photographs of Rev. Dr. Tootikian throughout his life, from childhood to the present day. Representatives of the AEWC, AMAA, and AEUNA then presented him with special gifts in recognition of his many years of service and leadership.
In his heartfelt remarks, Rev. Dr. Tootikian expressed his sincere gratitude to the AMAA for organizing the celebration and recognizing his 67 years of service. He also gave thanks to God for the privilege of serving the Armenian Evangelical community and contributing to its spiritual growth and enduring mission.
Honoring Dr. Nurhan Helvacian
Following dinner, AMAA President Gary Phillips, Esq., introduced the evening’s second honoree, Dr. Nurhan Helvacian, in recognition of his dedicated service as an AMAA Board member and Treasurer.
Mr. Phillips highlighted Dr. Helvacian’s commitment to the organization, his faithful stewardship of its resources, and his valuable contributions to advancing the AMAA’s mission. Quoting Saint Paul’s First Letter to the Corinthians, he said, “‘It is required that those who have been given a trust must prove faithful.’ Nurhan, you have proven more than faithful.”
Following a special video presentation celebrating Dr. Helvacian’s service and contributions to the AMAA, he was presented with a special gift in recognition of his many years of faithful service.
Accepting the honor, Dr. Helvacian expressed his gratitude for the recognition and reflected on the privilege of serving alongside so many dedicated individuals. “With heartfelt gratitude I accept this recognition of my service to the AMAA as its Treasurer. Over the years, I have had the privilege of working with so many devoted and faithful people. I thank the Lord for that opportunity. Indeed, it has been my honor and privilege to serve this wonderful organization that dedicates itself to doing God’s work on earth,” Dr. Helvacian said.
The tribute was followed by a musical presentation by Zulal, an a cappella trio known for its interpretations of Armenian folk music. The group delighted guests with three Armenian folk songs, adding a special musical touch to the evening’s celebration.
In his closing remarks, Mr. Buchakjian expressed his sincere appreciation to the event Co-Chairs Lucienne Aynilian and Anita Buchakjian for their outstanding leadership, as well as to all committee members for their hard work and dedication. He also recognized the AMAA staff in New Jersey, California, Montreal and Yerevan for their efforts in making the evening a success. “Above all, my heartfelt thanks go to each and every one of you for being here tonight, for your generosity, and for your continued support of the AMAA and its mission. It is your commitment and friendship that make evenings like this so meaningful,” Mr. Buchakjian said.
The banquet concluded with the singing of Hayr Mer (“The Lord’s Prayer”), led by Greg Loshkajian, followed by the benediction offered by Rev. Dr. Paul Haidostian, President of both the Armenian Evangelical World Council (AEWC) and Haigazian University. The evening served as a meaningful reminder of the lasting impact that faithful service, Christian leadership, and a shared commitment to the Armenian Evangelical community can have across generations.
















Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ Տարեկան Ժողովի Ճաշկերոյթը
Պատուեց՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանը եւ Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանը
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ Տարեկան Ժողովի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Թինէք քաղաքին մէջ գտնուող Teaneck Marriott at Glenpointe պանդոկին մէջ։ Ընկերակցութեան բարեկամները եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ու միութիւններու ներկայացուցիչները համախմբող երեկոն նուիրուած էր «Մեր Մնայուն Ազդեցութիւնը Սերունդներու Վրայ» նիւթին եւ պատուեց երկու յարգարժան անձնաւորութիւններ, որոնց տասնամեակներու ծառայութիւնը մնայուն ներդրում ունեցած է կազմակերպութեան եւ Հայ Աւետարանական համայնքին մէջ։ Անոնք էին՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախկին Գործադիր Տնօրէնը ինչպէս նաեւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Վարչական Խորհուրդներու նախկին անդամը, եւ Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի նախկին անդամն ու գանձապահը։
Երեկոն սկսաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահներ՝ Լիւսիէն Այնիլեանի եւ Անիթա Պուչաքճեանի ջերմ ողջոյնի խօսքերով։ Տօքթ. Մայքլ Ոսկեան ստանձնեց հանդիսավարի պաշտօնը՝ ջերմութեամբ եւ նրբագեղութեամբ առաջնորդելով երեկոյին յայտագիրը։ Կրէկ եւ Կարեն Լոշխաճեան եղբայրները կատարեցին ազգային քայլերգները, որմէ ետք բացման աղօթքը մատուց Վեր. Ճոզէֆ Կարապետեան՝ Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւը։
«Աւետարանչականի Փոխակերպող Ազդեցութիւնը» խորագրով տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան ողջունեց հիւրերը եւ անդրադարձաւ կազմակերպութեան մնայուն առաքելութեան ու աշխարհի զանազան համայնքներուն մէջ անոր շարունակական դրական ազդեցութեան։ «Ձեր տեսած իւրաքանչիւր բան… իւրաքանչիւր երեխայ, որ օգնութիւն ստացած է, իւրաքանչիւր աշակերտ, որուն առիթ տրուած է, իւրաքանչիւր եկեղեցի, որ զօրացած է, իւրաքանչիւր կեանք, որ փոխուած է… դուք այդ պատմութեան մէկ մասն էք։ Ա՛յս է ձեր Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը։ Հպարտացէ՛ք անով։ Օգնեցէ՛ք մեզի պատմելու անոր պատմութիւնը։ Եւ միասին, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, գրենք յաջորդ գլուխը», ըսաւ Պրն. Պուչաքճեան։
Ապա Պրն. Պուչաքճեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան Նորին Գերազանցութիւն Նարեկ Մկրտչեանը, որ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Դեսպան Մկրտչեան իր գնահատանքը յայտնեց Աւետարանչականի՝ Հայաստանի հանդէպ երկարամեայ յանձնառութեան համար՝ շեշտելով կազմակերպութեան ներդրումը 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք իրականացուած օգնութեան եւ կրթական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի վերակառուցման եւ զարգացման ուղղութեամբ անոր շարունակական աջակցութիւնը։
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի Պատուումը
Երեկոյի առաջին պատուեալն էր Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանը, որուն տասնամեակներու հաւատարիմ առաջնորդութիւնն ու նուիրեալ ծառայութիւնը խոր հետք ձգած են Հայ Աւետարանական համայնքին մէջ։
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայ Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան Խորհուրդին անունով յարգանքի խօսք մատուց, իսկ Վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Աւագ Հովիւը, Միութեան անունով իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։
Անդրադառնալով Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի՝ Համաշխարհային Խորհուրդին մէջ 23 տարուան առաջնորդական ծառայութեան, Վեր. Դոկտ. Եումշաճըգեան ըսաւ. «Քսաներեք տարին երկար ժամանակ է՝ այս ծառայութեան նուիրուելու համար։ Այդ տարիներուն ընթացքին Վեր. Թութիկեան իր սիրտն ու հոգին դրաւ այս Խորհուրդին ծառայութեան մէջ։ Ան ծառայեց ջանասիրութեամբ, յանձնառութեամբ եւ անկեղծ խանդավառութեամբ։ Իրեն համար այս պաշտօնը պարզապէս աշխատանք մը չէր, այլ՝ կոչում մը։ Ան առաջնորդութեան պատասխանատուութիւնները ստանձնեց իմաստութեամբ, խոնարհութեամբ եւ ուղղամտութեամբ՝ միշտ ձգտելով ընել այն, ինչ որ լաւագոյնս պիտի ծառայէր եկեղեցիներուն եւ յառաջ պիտի մղէր Աստուծոյ Թագաւորութեան գործը»։
Վեր. Շահնազարեան շեշտեց, թէ Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի ժառանգութեան իսկական արժէքը շատ աւելին է, քան իր մասնագիտական իրագործումները։ «Այս երեկոյ ամենէն աւելի մեր տօնածը պաշտօններու, աստիճաններու, հրատարակութիւններու կամ պատիւներու տպաւորիչ ցանկը չէ։ Մենք կը տօնենք հաւատարիմ ծառայութեան կեանք մը՝ կեանք մը, որ նուիրուած է քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր հայկական ժառանգութեան ուսուցման ու փոխանցման», ըսաւ ան։
Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ յարգանքի տեսերիզ մը՝ Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի կեանքի տարբեր հանգրուաններէն լուսանկարներով՝ մանկութենէն մինչեւ մեր օրերը։ Համաշխարհային Խորհուրդի, Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան ներկայացուցիչները այնուհետեւ յատուկ նուէրներ յանձնեցին անոր՝ որպէս գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան եւ առաջնորդութեան։
Իր սրտառուչ խօսքին մէջ Վեր. Դոկտ. Թութիկեան իր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնեց Աւետարանչականին՝ այս հանդիսութիւնը կազմակերպելու եւ իր 67 տարուան ծառայութիւնը գնահատելու համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Հայ Աւետարանական համայնքին ծառայելու եւ անոր հոգեւոր աճին ու մնայուն առաքելութեան նպաստելու առանձնաշնորհումին համար։
Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանի Պատուումը
Ընթրիքէն ետք, Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլիփս ներկայացուց երեկոյի երկրորդ պատուեալը՝ Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանը, գնահատելով Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի անդամ եւ գանձապահ անոր նուիրեալ ծառայութիւնը։
Պրն. Ֆիլիփս շեշտեց Դոկտ. Հելվասեանի յանձնառութիւնը Աւետարանչականի հանդէպ, անոր միջոցներուն հաւատարիմ ու պատասխանատու տնօրինումը եւ Ընկերակցութեան առաքելութեան յառաջմղման ուղղութեամբ անոր արժէքաւոր ներդրումները։ Մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի՝ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն, ան ըսաւ. «տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ»։ Ապա աւելցուց. «Նուրհան, դուն հաւատարմութիւնդ աւելի քան ապացուցանած ես»։
Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը՝ նուիրուած Դոկտ. Հելվասեանի ծառայութեան եւ Աւետարանչականի մատուցած իր ներդրումներուն համար։ Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, անոր յանձնուեցաւ յատուկ նուէր մը՝ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան։
Դոկտ. Հելվասեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս գնահատանքին համար եւ անդրադարձաւ բազմաթիւ նուիրեալ անձերու հետ միասին ծառայելու առանձնաշնորհումին։ «Սրտագին երախտագիտութեամբ կ՚ընդունիմ այս գնահատանքը՝ Աւետարանչականի գանձապահի պաշտօնովս մատուցած ծառայութեանս համար։ Տարիներու ընթացքին առանձնաշնորհումն ունեցած եմ գործակցելու բազմաթիւ նուիրեալ եւ հաւատարիմ անձերու հետ։ Այդ առիթին համար Տիրոջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Արդարեւ, պատիւ եւ առանձնաշնորհում եղած է ինծի համար ծառայել այս հրաշալի կազմակերպութեան, որ ինքզինք կը նուիրէ երկրի վրայ Աստուծոյ գործը կատարելուն», ըսաւ Դոկտ. Հելվասեան։
Ապա Զուլալ երաժշտական համոյթը, որ ճանչցուած է հայկական ժողովրդական երգերու իր ինքնատիպ մեկնաբանութիւններով, ներկաներուն հրամցուց հայկական երեք ժողովրդական երգեր՝ երեկոյին հաղորդելով երաժշտական յատուկ շունչ մը։
Իր փակման խօսքին մէջ Պրն. Պուչաքճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահներ Լիւսիէն Այնիլեանին եւ Անիթա Պուչաքճեանին՝ իրենց բացառիկ առաջնորդութեան համար, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն՝ իրենց տքնաջան աշխատանքին եւ նուիրումին համար։ Ան նաեւ գնահատեց Նիւ Ճըրզիի, Գալիֆորնիոյ, Մոնթրէալի եւ Երեւանի Աւետարանչական Ընկերակցութեան աշխատակազմերուն ջանքերը՝ այս երեկոն յաջողութեամբ պսակելու համար։ «Ամէն բանէ վեր, սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որ այս երեկոյ հոս ներկայ էք, ձեր առատաձեռնութեան եւ Ընկերակցութեան ու անոր առաքելութեան հանդէպ ձեր շարունակական աջակցութեան համար։ Ձեր յանձնառութիւնն ու բարեկամութիւնն են, որ այսպիսի երեկոները իմաստալից կը դարձնեն», ըսաւ Պրն. Պուչաքճեան։
Ճաշկերոյթը եզրափակուեցաւ Կրէկ Լոշխաճեանի առաջնորդութեամբ «Հայր Մեր» աղօթքի երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրհնութեան աղօթքը մատուց Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան՝ թէ՛ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի եւ թէ՛ Հայկազեան Համալսարանի նախագահը։
Երեկոն նշանակալից յիշեցում մը եղաւ այն մասին, թէ հաւատարիմ ծառայութիւնը, քրիստոնէական առաջնորդութիւնը եւ Հայ Աւետարանական համայնքին հանդէպ միացեալ յանձնառութիւնը որքան մնայուն ազդեցութիւն կրնան ունենալ յաջորդող սերունդներուն վրայ։
