Armenian Evangelical World Council Convenes in New Jersey, USA
The Armenian Evangelical World Council (AEWC) held its regular meeting on October 15–16, 2026 at the headquarters of the Armenian Missionary Association of America (AMAA) in Paramus, New Jersey, bringing together representatives of the five Armenian Evangelical Unions around the world, along with representatives of the AMAA and the Stephen Philibosian Foundation.
The meeting provided an important opportunity for Council members to review ongoing activities, reflect on the past year’s accomplishments, strengthen collaboration among Armenian Evangelical institutions worldwide, and discuss priorities for the future of the global Armenian Evangelical community.
The President of the AEWC, Rev. Dr. Paul Haidostian, welcomed the Council members and guests. He then invited the Executive Director, Rev. Dr. Krikor Youmshajekian, to lead a brief biblical meditation and offer the opening prayer, setting a spiritual tone for the deliberations and discussions that followed.
Following the presentation of written and oral reports by the Council’s officers and representatives of the various church Unions and partner organizations, the Board reviewed the AEWC’s activities and initiatives over the past year. Discussions focused on the progress made in fostering cooperation, strengthening relationships, and advancing shared goals among the Armenian Evangelical Unions, the AMAA, and related institutions around the world.
A significant part of the meeting was devoted to the worldwide celebrations marking the 180th anniversary of the Armenian Evangelical Church in 2026. Representatives shared updates on the commemorative events and activities organized by their respective Unions, highlighting the diverse ways in which Armenian Evangelical communities across the globe are honouring this historic milestone. The anniversary serves as an opportunity to celebrate the Church’s rich spiritual heritage, reflect on its enduring mission, and renew its commitment to faith, service, and witness for generations to come.
A comprehensive report on the progress of the Digitization and Archiving Project was presented at the meeting. Recognizing the importance of this initiative, the council unanimously agreed to continue advancing the valuable project. Furthermore, the council approved and confirmed that the Worldwide Pastors’ Conference will be held from 27 to 30 September 2027 at AMAA’s Camp Hankavan in Armenia.
In another important decision, the Armenian Evangelical World Council unanimously voted to extend the term of its current President, Rev. Dr. Paul Haidostian, for an additional year. The Council also approved a change to the length of future presidential terms, extending them from two years to three years. These decisions reflect the Council’s commitment to continuity in leadership and to strengthening its governance and long-term effectiveness.
The meeting concluded with a renewed sense of shared purpose and commitment to the mission of the Armenian Evangelical Church worldwide. Through continued dialogue, cooperation, and mutual support, the Armenian Evangelical World Council seeks to strengthen the bonds uniting Armenian Evangelical communities across continents and to advance their common spiritual and institutional mission.

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովը Նիւ Ճըրզիի Մէջ
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց 2026 թուականի Հոկտեմբեր 15-16-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Կեդրոնատեղիին մէջ՝ Փարամըս,, Նիւ Ճըրզի, համախմբելով աշխարհի հինգ Հայ Աւետարանական Միութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Սթիվըն Փիլիպոսեան Հիմնադրամի ներկայացուցիչները։
Ժողովը կարեւոր առիթ մը հանդիսացաւ Խորհուրդի անդամներուն համար՝ վերաքննելու ընթացիկ գործունէութիւնները, անդրադառնալու անցնող տարուան իրագործումներուն, ամրապնդելու աշխարհի տարածքին գործող Հայ Աւետարանական հաստատութիւններու միջեւ գործակցութիւնը եւ քննարկելու համաշխարհային Հայ Աւետարանական համայնքի ապագայ առաջնահերթութիւնները։
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, ողջունեց Խորհուրդի անդամներն ու հիւրերը։ Ապա ան հրաւիրեց Գործադիր Տնօրէն՝ Վերապատուելի Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանը, որ առաջնորդէ կարճ աստուածաշնչական խորհրդածութիւն մը եւ կատարէ բացման աղօթքը՝ հոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծելով յաջորդող խորհրդակցութիւններուն եւ քննարկումներուն համար։
Խորհուրդի պաշտօնեաներուն եւ զանազան եկեղեցական Միութիւններու ու գործակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ գրաւոր եւ բանաւոր զեկոյցներու ներկայացումէն ետք, Վարչութիւնը վերանայեց Համաշխարհային Խորհուրդի անցնող տարուան գործունէութիւնն ու նախաձեռնութիւնները։ Քննարկումները կեդրոնացան Հայ Աւետարանական Միութիւններուն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող համապատասխան հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացնելու, յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ հասարակաց նպատակները յառաջ տանելու ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջդիմութեան վրայ։
Ժողովին կարեւոր մէկ բաժինը նուիրուեցաւ 2026 թուականին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին առթիւ աշխարհի տարածքին կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն։ Ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց համապատասխան Միութիւններուն կողմէ կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկներուն եւ գործունէութիւններուն մասին՝ ընդգծելով այն զանազան եղանակները, որոնցմով աշխարհի տարբեր կողմերու Հայ Աւետարանական համայնքները կը նշեն այս պատմական յոբելեանը։ Այս տարեդարձը առիթ մըն է տօնախմբելու Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հարուստ հոգեւոր ժառանգութիւնը, անդրադառնալու անոր յարատեւ առաքելութեան եւ վերանորոգելու հաւատքի, ծառայութեան ու վկայութեան հանդէպ իր յանձնառութիւնը՝ գալիք սերունդներուն համար։
Ժողովին ներկայացուեցաւ Թուայնացման եւ Արխիւացման Ծրագիրին յառաջընթացին վերաբերեալ համապարփակ զեկոյց մը։ Գիտակցելով այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ Խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց շարունակել այս արժէքաւոր ծրագիրին զարգացումն ու իրականացումը։ Աւելին, Խորհուրդը հաստատեց, որ Համաշխարհային Հովուական Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2027 թուականի Սեպտեմբեր 27-30-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի Հանքաւանի ճամբարին մէջ։
Մէկ այլ կարեւոր որոշումով մը՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկեց եւս մէկ տարուան համար երկարաձգել իր ներկայ նախագահին՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը։ Խորհուրդը նաեւ հաստատեց ապագայ նախագահներու պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկու տարիէն երեք տարիի երկարաձգելու փոփոխութիւնը։ Այս որոշումները կ՚արտացոլացնեն ղեկավարութեան շարունակականութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ Խորհուրդի կառավարման համակարգը եւ երկարաժամկէտ արդիւնաւէտութիւնը ամրապնդելու յանձնառութիւնը։
Ժողովը աւարտեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութեան հանդէպ հասարակաց նպատակասլացութեան եւ յանձնառութեան նորոգուած զգացումով։ Շարունակական երկխօսութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան միջոցով Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը կը ձգտի ամրապնդել տարբեր ցամաքամասերու վրայ տարածուած Հայ Աւետարանական համայնքները միացնող կապերը եւ յառաջ մղել անոնց հասարակաց հոգեւոր եւ միութենական առաքելութիւնը:
