Solemn Tree-Planting Ceremony in Yerevan, Armenia Honors Legacy of Rev. Dr. Movses B. Janbazian
A Man of Mission and Vision
A solemn fir tree-planting ceremony was held on September 25, 2025, at the courtyard of the Armenian Missionary Association of America’s (AMAA) Yerevan Headquarters on Baghramyan Ave. 18 to commemorate the 25th anniversary of the passing of Rev. Dr. Movses B. Janbazian, a deeply respected spiritual leader and visionary who served as AMAA Executive Director from 1987 to 2000.
The ceremony marked a moment of reflection on Rev. Janbazian’s life, ministry, and lasting legacy, honoring his profound contribution to the spiritual, national, and humanitarian life of Armenian communities in Armenia and the Diaspora. A memorial plaque was also installed in his memory. The plaque reads:
IN LOVING MEMORY OF
REV. DR. MOVSES B. JANBAZIAN
AMAA EXECUTIVE DIRECTOR, 1987–2000
Through his vision and leadership,
AMAA Armenia and its programs were established.
“…I was not disobedient to the heavenly vision.” — Acts 26:19
September 25, 2025
The event was led by Serge D. Buchakjian, AMAA CEO/Executive Director, and attended by members of the AMAA community, leadership, clergy, AMAA Armenia Branch staff, and Mrs. Louisa Janbazian, the late Reverend’s wife.
In his opening remarks, Mr. Buchakjian stated, “From vision to reality, the tree is in memory of a devout Christian, honoring his foresight and the foundation he laid for our presence in Armenia.”
Gary Phillips, Esq., President of the AMAA Board, recalled how in the mid-1990s Rev. Janbazian personally invited him to join the Board. He reflected on Rev. Janbazian’s vision and devoted service to the Association until his untimely passing. Paying tribute to Rev. Janbazian’s enduring spiritual and institutional legacy, Mr. Phillips remarked, “May the roots of this tree grow deep, like the roots that Rev. Janbazian planted when he first arrived in Armenia — roots of faith, vision, and service that continue to sustain and guide the AMAA’s mission to this day.”


Rev. Dr. René Léonian, President of the Union of the Armenian Evangelical Churches of Eurasia, shared memories from the years when he served as AMAA’s Representative in Armenia, highlighting Rev. Janbazian’s forward-looking vision and dedication to the Association’s mission in the Homeland.
Rev. Dr. Krikor Youmshajekian, President of the Armenian Missionary Association of Australia, recalled Rev. Janbazian’s 1999 visit to Australia and his role in establishing the Association’s branch there.



At the conclusion of the ceremony, Mrs. Janbazian expressed her gratitude to Mr. Buchakjian and the AMAA leadership for honoring her husband’s memory through this meaningful act of tree planting.
Rev. Janbazian joined the AMAA in 1980 as its first Field Director and, after seven years, he succeeded Rev. Dr. Giragos Chopourian as Executive Director. His leadership played a key role in the establishment of the AMAA Armenia Branch and in advancing its mission through numerous programs that continue to this day.
One of the foremost figures in the Armenian Evangelical community, Rev. Janbazian was widely respected for strengthening the AMAA’s spiritual and humanitarian impact, both within Armenia and throughout the Diaspora.
Following the devastating 1988 Spitak earthquake, he acted swiftly to organize and deliver humanitarian aid, often hopping on cargo planes to personally oversee the transportation of relief supplies and coordinate international assistance to meet the urgent needs of the Armenian people.
Rev. Janbazian was also the principal founder of AMAA’s Avedisian School in Yerevan, which for decades has provided quality education rooted in Christian and national values. His spiritual vision extended to Artsakh as well. He was among the first to help revive church life in Armenia and Artsakh and initiated youth and children’s camps, offering spiritual, moral, and material support to generations.
Through his faith, leadership, and deep love for his nation, Rev. Dr. Movses B. Janbazian left an enduring legacy that continues to inspire the AMAA and Armenian communities worldwide.

Մշտադալար Եղեւնիի Տնկման Հանդիսաւոր Արարողութիւն՝ Երեւանի մէջ՝ ի յիշատակ Վեր. Դոկտ. Մովսէս Պ․ Ճանպազեանի – Առաքելութեան եւ Տեսիլքի Մարդը
Մշտադալար եղեւնիի տնկման հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի՝ Բաղրամյան 18 Կեդրոնատեղիի բակին մէջ՝ Սեպտեմբեր 25, 2025-ին, ի յիշատակ Վերապատուելի Դոկտ. Մովսէս Պ․ Ճանպազեանի, անոր մահուան 25-ամեակին առիթով։ Վեր. Ճանպազեան մեծապէս յարգուած հոգեւոր առաջնորդ եւ տեսիլքի անձնաւորութիւն մըն էր, որ ծառայեց որպէս Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն 1987-2000 տարիներուն։
Արարողութիւնը հանդիսացաւ խորհրդածութեան պահ մը՝ Վեր. Ճանպազեանի կեանքին, ծառայութեան եւ մնայուն ժառանգութեան շուրջ՝ պատուելով անոր խորքային ներդրումը Հայ ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Անոր յիշատակին համար նաեւ յուշատախտակ մը տեղադրուեցաւ ծառին դիմաց։
Ի ՀԻՇԱՏԱԿ
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍէՍ Պ. ՃԱՆՊԱԶԵԱՆԻ
AMAA-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԵՆ, 1987–2000
Նրա տեսիլքով եւ առաջնորդությամբ
ստեղծվեցին AMAA-ի Հայաստանի Մասնաճիւղը եւ նրա ծրագրերը։
«… այն երկնային տեսիլքին անհնազանդ չեղայ ես։» — Գործք Առաքելոց 26:19
Սեպտեմբեր 25, 2025
Արարողութիւնը առաջնորդեց Աւետարանչականի ներկայ Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ․ Պուչաքճեան։ Արարողութեան ներկայ էին Աւետարանչականի անդամներ, ղեկավարութիւն, հոգեւորականներ, Հայաստանի մասնաճիւղի աշխատակիցներ եւ Վեր. Ճանպազեանի տիկինը՝ Լուիզա Ճանպազեան։
Իր բացման խօսքին մէջ Պարոն Պուչաքճեան ըսաւ. «Տեսիլքէն իրականութիւն – այս ծառը յիշատակ մըն է նուիրեալ քրիստոնեայի մը, ի պատիւ անոր հեռատեսութեան եւ այն հիմերուն, զոր դրած է մեր ներկայութեան համար Հայաստանի մէջ»։
Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս, Աւետարանչականի Վարչութեան ներկայ Նախագահը, յիշեց թէ ինչպէս 1990-ական թուականներու կէսերուն Վեր. Ճանպազեան անձամբ հրաւիրեց զինք միանալու Աւետարանչականի Վարչութեան։ Ան անդրադարձաւ Վեր. Ճանպազեանի տեսիլքին եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ մինչեւ անոր անժամանակ վախճանը։ Անդրադառնալով անոր մնայուն հոգեւոր եւ կազմակերպչական ժառանգութեան՝ Պարոն Ֆիլիփս ըսաւ. «Թող այս ծառին արմատները խորը աճին, այնպէս ինչպէս Վեր. Ճանպազեանի տնկած արմատները, երբ առաջին անգամ հասաւ Հայաստան՝ հաւատքի, տեսիլքի եւ ծառայութեան արմատներ, որոնք մինչեւ այսօր կը պահպանեն եւ կ’առաջնորդեն Աւետարանչականի առաքելութիւնը»։
Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահը, յիշեց այն տարիներու իր փորձառութիւնը երբ կը ծառայէր իբրեւ Ընկերակցութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ՝ շեշտելով Վեր. Ճանպազեանի հեռատեսութիւնը եւ իր պաշտօնին հանդէպ անսակարկ նուիրումը։
Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեան, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահը, յիշեց Վեր. Ճանպազեանի 1999 թուականի այցելութիւնը Աւստրալիա եւ անոր դերը այնտեղի մասնաճիւղի հիմնադրութեան մէջ։
Արարողութեան աւարտին Տիկին Ճանպազեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պարոն Պուչաքճեանին եւ Աւետարանչականի ղեկավարութեան՝ իր ամուսնոյն յիշատակը պատուելու այս իմաստալից ծառատունկի ձեռնարկին համար։
Վեր. Ճանպազեան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միացաւ 1980-ին իբրեւ անոր առաջին Դաշտի Տնօրէնը եւ եօթը տարի ետք յաջորդեց Վեր. Դոկտ. Կիրակոս Չոփուրեանին՝ ստանձնելով Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնը։ Անոր ղեկավարութիւնը վճռական դեր ունեցաւ Ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ անոր առաքելութեան ամրապնդման մէջ՝ բազմաթիւ ծրագիրներով, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր։
Հայ Աւետարանական համայնքի առաջնակարգ գործիչներէն մէկը՝ Վեր. Ճանպազեան բարձր յարգանք կը վայելէր Աւետարանչականի հոգեւոր եւ մարդասիրական ազդեցութիւնը խորացնելու իր ջանքերուն համար՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ՛ սփիւռքի համայնքներու մէջ։
1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի արհաւիրքէն ետք, ան արագօրէն կազմակերպեց եւ իրականցուց մարդասիրական օգնութեան առաքումը՝ յաճախ անձամբ բարձրանալով բեռնատար ինքնաթիռներու վրայ՝ հսկելու համար բեռներու փոխադրութիւնը եւ համակարգելու միջազգային օժանդակութիւնը՝ ի նպաստ Հայ ժողովուրդի հրատապ կարիքներուն։
Վեր. Ճանպազեան նաեւ եղած է Աւետարանչականի Խորեն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի հիմնադիրներէն գլխաւորը Երեւանի մէջ, որ տասնամեակներ շարունակ բարձրորակ կրթութիւն կը տրամադրէ՝ հիմնուած քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու վրայ։ Անոր հոգեւոր տեսիլքը կը տարածուէր նաեւ Արցախ՝ եղած ըլլալով առաջիններէն մէկը, որ նպաստեց եկեղեցական կեանքի վերածնունդին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Ան սկսաւ երիտասարդական եւ մանկական ճամբարներ կազմակերպել, տրամադրելով հոգեւոր, բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն սերունդներու։
Իր հաւատքով, առաջնորդութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ Վերապատուելի Դոկտ. Մովսէս Պ․ Ճանպազեան թողուց մնայուն ժառանգութիւն մը, որ մինչեւ այսօր կը ներշնչէ Ամերիկայի Հայ Աւետարաչական Ընկերակցութիւնը եւ Հայ համայնքները աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ։
