AMA-Australia Pres./CEO, Rev. Dr. Krikor Youmshajekian’s Message on Ascension Sunday

Amaaadmin/ May 27, 2020/ Church, Messages, UAECNE

Համբարձում

Համբարձման դէպքին մասին շատ քիչ գիտենք ու շատ քիչ արձանագրուած է աւետարաններուն մէջ։

Ըստ Մատթէոսի, Տէր Յիսուս՝ իր աշակերտերուն վերջին անգամ ըլլալով կ՚երեւի Գալիլիա լերան վրա։ Յովհաննէս՝ բնա՜ւ չի յիշեր այդ դէպքին մասին։ Ղուկաս կ՚ըսէ. «Երբ զանոնք կ՚օրհնէր զատուեցաւ անոնցմէ եւ վեր կ՚ելլեր երկինք» (24. 51)։ Իսկ Մարկոս՝ կարճ վկայութիւն մը կ՚ընէ իր երթին մասին ըսելով. «Անոնց հետ խօսելէն ետք երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ» (16. 19)։ Ան, երկինքէն՝ Աստուծմէ եկաւ փրկութեան առաքելութիւնով եւ նոր ձգեց աշխարհը ու Հօրը քով գնաց։

Երկինքէ՛ն եկաւ, երկի՛նք գնաց. Հօրմէ՛ն եկաւ եւ Հօրը քով գնաց։ Անշուշտ, ալ հոս չէր կրնար մնալ։ Պէտք ալ չ՚ունէր մնալու։ Պէտք էր երթար հո՛ն՝ ուրկէ եկած էր։ Եւ գնա՛ց։ Ու լ՛աւ ըրաւ որ երկինք գնաց։ Թէ ինչո՞ւ երկինք համբարձաւ։ Շատ պարզ է։Հապա ո՞ւր պիտի մնար հո՜ս աշխարհի վրայ, որո՞ւ քով, որո՞ւ տունը, ո՞վ պիտի ընդունէր զԻնք։ Աւելի լաւ չէ՞ որ ամէն մարդ իր տունը երթայ ու հոն մնայ։ Տէր Յիսուս ալ Իր հօրը տունը գնաց՝ երկինք։ Շատ լա՜ւ ըրաւ, հակառակ պարագային, հաւանաբար, Աստուած իմ, փողոցը պիտի մնար։ Չէ՛, լաւ ըրաւ որ Իր հօրը տունը գնաց «եւ անոր աջ կողմը նստաւ» (Մարկոս 16. 19)։

Գործք Առաքելոց գիրքին առաջին գլուխին մէջ կը կարդանք թէ Տէր Յիսուս հրաժեշտ կու տայ իր աշակերտերուն՝ երեք տարիներ միասին անցընելէ ու անոնց կեանքը ամբողջութեամբ յեղաշրջելէ ու փոխելէ ետք։ Անոնք բնաւ նոյն մարդերը չմնացին. Եղա՜ն Իր քաջ վկաները ու աշխատեցան տարածել Աւետարանին բարի լուրը։ Անոնց առօրեայ զբաղումը՝ ալ ձկնորսութիւն չէ՛ր, ո՛չ ալ ժողովուրդին կողմէ ատուած մաքսաւորի պաշտօնը՝ Մատէթոսի նման։ Ո՛չ ալ քաղաքական նպատակներ հետապնդող մը, նախնացայոյզ Յուդայի նման։ Ու վերջապէս, ո՛չ ալ Յուդայի նման զԻնք մատնող մը։ Անոնց կեանքին ուղութիւնը փոխուեցաւ ու անոնք սկսան իրենց առաքելութիւնը, Տէր Յիսուսի պատուէրին հնազանդելով։:

Տէր Յիսուսի յարութենէն ետք անոնք ունեցան իրենց վերջին 40 օրերը Իր հետ՝ ու ալ ժամանակն էր հրաժեշտ տալու։ Ան կը յորդորէ զանոնք՝ տալով մեծ առաքելութիւնը, որ շարունակեն իր սկսած գործը, երթալով մինչեւ երկրի ծայրերը։ Իր գործը դասաւորեց, ձգեց զանոնք ու վերադարձաւ ուրկէ որ եկած էր։ Հետեւաբար, Տէր Յիսուս երկինք համբարնալով Իր ետին կը ձգէ կարգ մը կարեւոր բաներ ու մարտահրաւէրներ։ Խաչին վրայ ան ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19. 30). Այսինքն՝ մեղքերու թողութիւն եղաւ եր փրկութիւնը կատարուեցաւ։
Սակայն տակաւին շատ բան կար ըլլալիք։

Մինչ՝ այսօր կը նայինք համբարձման այս կարեւոր դէպքին, վեր պիտի առնենք երեք հիմնական կէտեր։

  1. Ի՞նչ է Համբարձումը եւ ի՞նչն էր յատկանշականը այդ դէպքին մէջ։
  2. Ինչո՞ւ Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ
  3. Հիմա՛ ի՞նչ

1. Ի՞նչ է Համբարձումը եւ ի՞նչն է յատկանշականը այդ դէպքին մէջ.
Տէր Յիսուս իր պարտականութիւնը լի ու լի կատարելէ ետք, երկինք գնաց մեծ փառքով։ Միշտ ալ Անոր փառքը շողշողուն ու աչք կուրցնող լոյսերով կը տեսնուի։ Լոյս մը՝ որու կարելի չէ նայիլ մարդկային աչքերով. որովհետեւ՝ որոշ տեսակի ամպեր կան, որոնք կը ծածկեն աշակերտներուն եւ մեր աչքերը։ Սակայն ի՞նչ տեսակի ամպի կամ ամպերու մասին է խօսքը։

ա. Կասկածի եւ շփոթութեան ամպ
Աշակերտները տարբեր առիթներով հարցուցին Տէր Յիսուսի՝ գալիք Թագաւորութեան ժամանակին ու ձեւին մասին։ Նոյնիսկ Յովհաննէս Մկրտիչ՝ շփոթի ու կասկածի մէջ ըլլալով, աշակերտ ղրկեց Յիսուսի, հարց տալով թէ ի՞նք էր Մեսիան թէ ուրիշին սպասեն։ Պետրոս շփոթած ու շուարած, մոռնալով Յիսուսի նախագուշակութիւնը, երեք անգամ ուրացաւ զԻնք։ Պարճա՞ռը։ Պա՛րզ է։ Անոնց աչքերը կասկածի ու շփոթութեան ամպերով ծածկուած էին։ Մենք ալ ունինք թանձր ամպեր մեր աչքերուն, որոնց պատճառով չե՛նք տեսեր Յիսուսը, որպէս Տէր ու Փրկիչ։ Մինչեւ որ այդ ամպերը փարատին, մեզի համար անկարելի պիտի ըլլայ տեսնել Քրիստոսը։

բ. Տգիտութեան ամպ
Հակառակ այն իրողութեան՝ որ Ան քանի մը առիթներով աշակերտներուն ծառայութեան կոչ ըրաւ ու ղրկեց առաքելութեան, անոնք շատ անգամ անկարող եղան իրենց տրուած գործը կատարելու։ Փորձեցին, բայց չյաջողեցան։ Յիսուս Իր վերջին պատուէրները կու տայ աշակերտներուն, սակայն անոնք խորասուզուած իրենց մտահոգութիւններուն եւ զանազան հաշիւներուն մէջ, կարող չեղան տեսնելու Անոր փառքը։ Այս տգիտութեան ամպն ալ ծածկած էր անոնց աչքերը։ Մենք ալ մեր առօրեայ գործերու եւ զբաղումներուն մէջ շատ անգամ կը մոռնանք մեր նպատակը եւ մեզի տրուած կոչումն ու պարտականութիւնը։ Խնդրե՜նք Աստուծմէ, որ այս ամպն ալ փարատի։

գ. Անհաւատարմութեան ու տկար հաւատքի ամպ
Եւ վերջապէս կայ անհաւատարմութեան եւ տկար հաւատքի ամպը։ Աշակերտներուն հաւատքը տկար էր. Անոնք Սուրբ Հոգիին լեցունութեան պէտք ունէին։ Անոնց հաւատքին տկարութիւնը պատճառ կը դառնար անհաւատարմութեան։ Անոնց կը պակսէր հաւատքի աչքեր, տեսնելու Տէր Յիսուսի փառքն ու մեծութիւնը։ Մեր տկար հաւատքին պատճառով, մենք ալ կրնանք հաւատարմութեան պակասը ունենալ։ Ուստի՝ աղօթենք որ Տէրը մեր տկար հաւատքը զօրացնէ եւ այս ամպն ալ փարատի։
Թանձր ու սեւ ամպեր արգելք կ՚ըլլան մեր տեսողութեան։ Սակայն հաւատքի աչքերով եւ Սուրբ Հոգիին լեցութիւնով՝ կարելի է «տեսնել Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսը, որ Հօրը աջ կողմը նստած է» (Գործք 7. 54-55)։

2. Ինչո՞ւ Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ
Տէր Յիսուս երկինք չհամբարձաւ միա՛յն յայտնելու թէ մեր աչքերը տարբեր տեսակի ամպերով ծածկուած են ու յստակ ընելու թէ անոնք վերցուելու են, որպէսզի յստակ տեսնենք մեր առջեւ բացուած ճամբան։ Այլ՝ Ան երկինք համբարձաւ քանի որ բաներ ուներ ընելու՝ մեզի համար։

ա. Ճամբայ բանալու
Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ ճամբայ բանալու համար։ Կը կարդանք Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ. «Ան նոր ու կենդանի ճամբայ մը բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը» (10. 20)։ Մեզ Աստուծոյ մօտեցնելու համար միջոց մը պէտք էր եւ մեր Տէրը այդ միջոցը՝ ճամբան բացաւ։ Նաեւ ըսենք թէ այս ճամբան պարզ ու սովորական ճամբայ մը չէ՛, այլ ճամբայ մըն է, որ դէպի Կենաց Ծառը կը տանի։ Յաւիտենական կեանքի լոյս մը եւ յոյս մը, որ միայն կարելի կ՚ըլլայ Անոր կեանքով, մահով, յարութիւնով եւ համբարձումով։

բ. Տեղ պատրաստելու
Տէր Յիսուս չբաւականացաւ միայն ճամբայ մը բանալով եւ միջոց մը տալով մեզի։ Ան համբարձաւ երկինք, մեզի ու բոլոր հաւատացեալներուն տեղ պատրաստելու համար։ Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Հիմա կ՚երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ» (14. 2)։ Տեղ մը՝ ուր կրնանք հանգիստ ընել այս աշխարհի տաժանքներէն եւ դժուարութիւններէն։ Տեղ մը՝ ուր անօթութիւն եւ ծարաւ պիտի չըլլայ, արցունքները պիտի սրբուին ու կենդանի ջուրի աղբիւրներ պիտի ըլլան։

գ. Բարեխօսելու
Աստուծոյ Խօսքին համաձայն մեղաւորը մահուան արժանի է։ Սակայն այս օրէնքը շնորհքի կը փոխուի Տէր Յիսուս Քրիստոսի մահով եւ յարութիւնով։ Մահուան դապապարտուածը յաւիտենապէս ապրելու եւ երկինքի բարիքները վայելելու համար՝ միջնորդի եւ բարեխօսի պէտք ունի։ Այդ բարեխօսը՝ Տէր Յիսուս է։ Ան Աստուծոյ աջ կողմը նստած, այդ գործը կ՚ընէ մեզի համար։

դ. Սուրբ Հոգին ղրկելու
Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ նաեւ տալու համար Սուրբ Հոգին՝ Մխիթարիչը, Օգնականը։ Ան գիտէր թէ Իր աշակերտները կարող պիտի չըլլային իրենց ուժերովը տրուած առաքելութիւնը կատարել։ Անոնք յարատեւ օգնութեան պէտք պիտի ունենային եւ Տէր Յիսուս մարդեղացած Աստուածը, նոյնիսկ եթէ երկար ժամանակ իրենց հետ մնար, պիտի չկարենար ամէն տեղ անոնց հետ ըլլալ։ Ուստի Ան համբարձաւ որպէսզի Հոգին, Աստուծոյ ներկայութւնը, մնայուն կերպով անոնց հետ ըլլայ։ Տէր Յիսուսի տուած խոստումը շուտով իրականացաւ, երբ տասը օրեր ետք Պէնտէկոստէի օրը Հոգին իջաւ անոնց վրայ։ Ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան, զօրացան եւ գործի ու ծառայութեան սկսան։
Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ ճամբայ բանալու, տեղ պատրաստելու, բարեխօսելու եւ Սուրբ Հոգին ղրկելու։ Ան Իր բաժինը ըրաւ, առաքելութիւնը աւարտեց ու ամէն բան լի ու լի կատարեց։

3. Հիմա՝ ի՝նժ
Տակաւին շատ բան կայ ըլլալիք։ Կարգը մերն է, մեր պարտականութիւնն է սկսուառ գործը շարունակել։ Ուրեմն ի՜նչ կայ.

ա. Անաւարտ գործ
Փրկութեան աւետարանին տարածումի գործը պէտք է շարունակուի։ Այնքան ատեն որ կան մարդեր, որոնք տակաւին լսած չեն բարի լուրը, կը նշանակէ թէ գործը աւարտած չէ՛։ Տէր Յիսուս այս մեծ գործը ձգած է մեզի՝ եկեղեցիին։ Մեր պարտականութիւնն է հաւատարմօրէն շարունակել գործը՝ մինչեւ Ինք նորէն գայ։

բ. Անհերքելի պատգամ
Փրկութեան պատգամը կարելի չէ՛ հերքել կամ ժխտել։ Մարդը, սատանան եւ աղանդները չեն կրնար ասպարէզ կարդալ անոր դէմ։ Պարզապէս՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի աւետարանը անվիճելի է. Ապացոյցները յստակ ու պարզ են։ Ո՛չ մէկ բան կրնայ զայն խաբանել։

գ. Անպատում սէր
Ո՛չ ոք կրնայ հարցականի տակ դնել Քրիստոսի սէրը։ Ան Իր կեանքը տուաւ, որպէսզի մենք ապրինք։ Ան Իր երկնային տունը թողուց, աշխարհ եկաւ, խաչին վրայ իր արիւնը թափեց ու մեռաւ։ Հօրը ըսաւ. «Հայր ներէ անոնց, քանզի չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն» (Ղուկ. 23. 34)։ Ան այս բոլորը ըրաւ, որովհետեւ ունէր անպատում սէր բոլորին հանդէպ։

դ. Անսխալելի ծրագրիր
Վկան երդում կ՚ընէ ճշմարտութիւնը ըսելու համար։ Շատ անգամ մենք կը սխալինք՝ զլանալով ծրագրին համաձայն մեր վկայութիւնը ընելու։ Ծրագիրը՝ մեր վկայութիւնն է. սկսելով մեր անմիջական շրջանակէն՝ տունէն՝ աշխատանքի վայրէն՝ եկեղեցիէն ու հասնիլ մինչեւ երկրին ծայրերը։

ե. Անխախտ վկայութիւն
Մեր պատասխանատուութիւնն է վկայել երկինքէն զօրութիւն առնելէ ետք։ Մեր վկայութիւնը կրնայ Քրիստոսը փառաւորել եւ կամ Քրիստոսը ամօթով հանել։ Եթէ շուտով կը սպասենք Անոր վերադարձը, մեր անձերը մաքրելու եւ իր վկաները ըլլալու ենք։ Պօղոս կ՚ըսէ. «Վասնզի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը…» (Հռովմ. 13. 11)։

զ. Անպարտելի ուժ
Աշակերտները Համբարձումէն ետք վերնատունը հաւաքուեցան եւ սպասեցին երկնային զօրութեան՝ գործի լծուելու համար։ Անոնք մարդոցմէ չվախցան, այլ քաջաբար վկայեցին եւ Աւետարանը տարածեցին։ Երբ մեր անձերը Սուրբ Հոգիին զօրութեան յանձնենք, ո՛չ մէկ բան կրնայ կասեցնել մեզ։ Նոյնիսկ դժոխքին դռները չենր կրնար մեր դէմ կենալ։

է. Անվրէպ խոստում
Անոնց խոստում տրուեցաւ։ Յիսուս նորէն պիտի գայ, այնպէս ինչպէս երկինք գնաց։ Մեզի կը մնայ միշտ պատրաստ ըլլալ։
Մինչեւ Ինք գայ՝ մենք բաժին եւ պատասխանատուութիւն ունինք Իր ետին ձգած պարտականութիւնը կատարելու։

Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ։ Ան իր բաժինը կատարեց։ Հիմա կարգը մերն է։ Մարտահրաւէր ունինք՝ մեր առջեւ դրուած։ Այո՛, մենք ալ մեր աչքերը տնկած դէպի երկինք կը նայինք այսօր։ Բայց չմոռնանք թէ Տէր Յիսուս, որ մեզմէ երկինք համբարձաւ՝ ճամբայ բանալու, տեղ պատրաստելու, բարեխօսութիւն ընելու եւ Սուրբ Հոգին ղրկելու, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսան Անոր երկինք երթալը։
Ուստի ժամանակն ու պատեհութիւնը մեզի տրուած է գործելու եւ յոյսով Անոր փառաւոր վերադարձին սպասելու։ Տէր Յիսուս մեզ ընտրած է, կանչած է, նաեւ վստահած է գործ մը։ Իր տուած պատոէրին համաձայն, մեզի կը մնայ հաւատարմութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով Անոր ծառայել։

Ուստի եկեղեցիին ու մեր պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնն է ծառայել ու Իր քաջ վկաները ըլլալ։ Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ՝ երկրի վրայ Իր բաժինը լի ու լի կատարելէ ետք, շարունակելու Իր գործը՝ հոն՝ վերը, երկինքը՝ Աստուծոյ մօտ, որպէս մեր բարեխօսը, եւ նոյն ատեն մեզի առիթը ընծայելով, որ Իր ետին ձգած սուրբ գործը շարունակենք՝ վերէն մեզի տրուած երկնային զօրութեամբ՝ ու միմիայն Իր փառքին համար։

Թող մեր աչքերը ծածկող ամպերը փարատին ու մեր աչքերը բացուին, որպէսզի կարենանք տեսնել ու հաւատալ Անոր՝ որ մեր Տէրն ու Փրկիչն է։

Տէր Յիսուսի համբարձումով, պարտականութիւն մը իր աւարտին կը հասնի, սակայն նոյն ատեն՝ այդ նոյն պարտականութիւնը անաւարտ կը նկատուի եկեղեցիին համար՝ Քրիստոսի մարմինին համար։ Եթէ եկեղեցին՝ ակնկալուած Եկեղեցին է ու եթէ աշակերտները՝ իրապէս Իր աշակերտներն են, անոնք պէտք է հետեւին իրենց Տէրոջ ու Վարապետին ոտքի հետքերուն, որ յստակ պատուէր տուաւ կատարուելիք գործի մը համար։ Ու եկեղեցին այդ գործը կատարելու է, ըլլալու համար Անոր քաջ վկան։

Եկեղեցին յառաջ երթալու է՝ Տէրոջ օգնութեամբ տարածելու Աստուծոյ Խօսքը ու Սուրբ Հոգիով լեցուած քարոզելու՝ փրկութեան մասին։ Եթէ չքարոզոնք, չենք ըլլար Եկեղեցին, ո՛չ ալ Աստուծոյ կենդանի վկաները։

Վկայե՛նք, պատմե՛նք ու քարոզենք Քրիստոսի յարութեան ու Երկինք համբարնալուն մասին, ըսելով թէ Ինք է մեր միակ յոյսն ու փրկութեան միջոցը։

Սկսինք ընել այն՝ ինչ որ ընելու ենք՝ մեր Տէրոջ ու Փրկչին շնորհքով։

Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեան

Union of the Armenian Evangelical Churches in the Near East broadcast for Ascension Sunday, May 24, 2020.

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան սփռումը՝ Համբարձման Կիրակիի համար, 24 Մայիս 2020։
Share this Post